Загрузка страницы

Նիւթ, (Աղօթքի Եւ Փառաբանութեան Զօրութիւնը ) Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20:1-6 , 12-20 (25 ՅՈՒՆԻՍ 2023)

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԷԻՐԻ ԴԷՄ
1 Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։ 2 Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։ 3 Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։ 4 Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։ 5 Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ 6 Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։
12 Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ՚ուղղենք»։ 13 Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։
14 Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ 15 Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ՚ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։ 16 Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։ 17 Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ 18 Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ 19 Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։
20 Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։
Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20:1-6 , 12-20

Видео Նիւթ, (Աղօթքի Եւ Փառաբանութեան Զօրութիւնը ) Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 20:1-6 , 12-20 (25 ՅՈՒՆԻՍ 2023) канала Armenian Brotherhood Bible Church
Показать
Комментарии отсутствуют
Введите заголовок:

Введите адрес ссылки:

Введите адрес видео с YouTube:

Зарегистрируйтесь или войдите с
Информация о видео
26 июня 2023 г. 2:47:54
01:05:27
Другие видео канала
Նիւթ, (Ով՞ է անմիտը) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18-25  (17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023)Նիւթ, (Ով՞ է անմիտը) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18-25 (17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023)Pastor. Ara Balekjian 10/May/20  Նիւթ.«Առաքինի Մայրը» Ծննդ. 18:9-15Pastor. Ara Balekjian 10/May/20 Նիւթ.«Առաքինի Մայրը» Ծննդ. 18:9-15Նիւթ, (Սուրբ Հոգիին բերած Օրհնութիւնները)։ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1:13-14 (19-ՄԱՅԻՍ-2024)Նիւթ, (Սուրբ Հոգիին բերած Օրհնութիւնները)։ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1:13-14 (19-ՄԱՅԻՍ-2024)Նիւթ, (Բարեկամը կէս գիշերին) ՂՈՒԿԱՍ 11:5-10 (03 ՄԱՐՏ 2024)Նիւթ, (Բարեկամը կէս գիշերին) ՂՈՒԿԱՍ 11:5-10 (03 ՄԱՐՏ 2024)Նիւթ Սուրբ  Հոգին  (Պտուղը) Թիւ 3  ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ  5:13-23  (26 ՅՈՒՆԻՍ 2022)Նիւթ Սուրբ Հոգին (Պտուղը) Թիւ 3 ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:13-23 (26 ՅՈՒՆԻՍ 2022)ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ  Ա   ԵՒ  Բ   ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ Ա ԵՒ Բ ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ28/June/2020 Նիւթ.«Անհասկնալի Լեզուներու Ծագումը» Ա.կոր. 14:6-928/June/2020 Նիւթ.«Անհասկնալի Լեզուներու Ծագումը» Ա.կոր. 14:6-9Նիւթ Հօրը վերադարձող տղան ՂՈՒԿԱՍ 15:11-32 (06 ՄԱՐՏ 2022)Նիւթ Հօրը վերադարձող տղան ՂՈՒԿԱՍ 15:11-32 (06 ՄԱՐՏ 2022)Սամուէլ  Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆՍամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆՇնորհաց Աստուածը և մեր պատասխանատւութիւնը Ա.ՊԵՏՐՈՍ  5։8-11Շնորհաց Աստուածը և մեր պատասխանատւութիւնը Ա.ՊԵՏՐՈՍ 5։8-11Նիւթ Յիսուսի նայինք յաղթելու համար  ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:1-4 (24 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Յիսուսի նայինք յաղթելու համար ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:1-4 (24 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Ինչ՞ Ըսել Է Պիտի Փոխուինք Թիւ 3Նիւթ Ինչ՞ Ըսել Է Պիտի Փոխուինք Թիւ 3Սամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Մարքարէութեանց Նպատակը Թիւ 1Սամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Մարքարէութեանց Նպատակը Թիւ 109/Aug/20 Նիւթ «Աստուծոյ Խաղաղութիւնը» Փիլ. 4:4-909/Aug/20 Նիւթ «Աստուծոյ Խաղաղութիւնը» Փիլ. 4:4-9Խօսքը կատարողներ եղէք  ՅԱԿՈԲՈՒ 1:22-25Խօսքը կատարողներ եղէք ՅԱԿՈԲՈՒ 1:22-25Սամուէլ  Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԵՐԵՒԵԼԻՆԵՐԸ  ԴԱՆԻԷԼՍամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԵՐԵՒԵԼԻՆԵՐԸ ԴԱՆԻԷԼՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ  Ա   ԵՒ  Բ   ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ Ա ԵՒ Բ ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍՍամուէլ  Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Քաղաքական Բաբելոն  Թիւ 17Սամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Քաղաքական Բաբելոն Թիւ 17Նիւթ Ծաղկազարդ ՄԱՏԹԷՈՍ  21:9 (10 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Ծաղկազարդ ՄԱՏԹԷՈՍ 21:9 (10 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Ինչ որ մարդ սերմանէ նոյնը պիտի հնձէ  ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6:1-10  (03 ՅՈՒԼԻՍ 2022)Նիւթ Ինչ որ մարդ սերմանէ նոյնը պիտի հնձէ ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6:1-10 (03 ՅՈՒԼԻՍ 2022)Նիւթ Հաւատքին գործերը (Վարդանանց) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:35-39 (27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022)Նիւթ Հաւատքին գործերը (Վարդանանց) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:35-39 (27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022)
Яндекс.Метрика