Загрузка страницы

Կեանքի խորունկ ճշմարտութիւններէն մէկը - Ն.Ա.Տ.ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ - 15.11.2020

Այսօրուան Աւետարանին մէջ կեանքի խորունկ ճշմարտութիւններէն մէկը կը մատնանշուի։

Տէր Յիսուս երբ կը յայտնէ որ մօտ ատենէն Երուսաղէմ պիտի երթայ եւ հոն չարչարանքներ պիտի կրէ, պիտի մերժուի երէցներու, քահանայապետներու եւ դպիրներու կողմէ, պիտի սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ. (Ղուկաս 9։22)
Պետրոս առաքեալը դէմ կու գայ այս խօսքերուն, աշակերտներն ալ այս նիւթի մասին խօսիլ չեն ուզեր։

Մինչդեռ Տէր Յիսուսէն ճշմարտութիւնը սորվէին, այն փորձութեան մէջ  պատրաստակամ պիտի մտնային, աւելի զօրաւոր եւ անվախ պիտի ըլլային։

Մենք դժուարութիւններուն նայելու եւ ճշմարտութիւններուն արթննալու ստիպուած ենք որպէսզի վախը փառատենք։ Որովհետեւ ճշմարտութիւնը լոյսի կը նմանի, ամէն ինչը կը յստակացնէ։

Եկէ՛ք Տիրոջմով զօրանանք, Տիրոջմով քալենք.
Այն ատեն կեանքը ըմբռնել աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։

Սահակ Բ. Պատրիարք
15 Նոյեմբեր 2020

Видео Կեանքի խորունկ ճշմարտութիւններէն մէկը - Ն.Ա.Տ.ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ - 15.11.2020 канала ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
Показать
Комментарии отсутствуют
Введите заголовок:

Введите адрес ссылки:

Введите адрес видео с YouTube:

Зарегистрируйтесь или войдите с
Информация о видео
16 ноября 2020 г. 12:36:52
00:30:44
Яндекс.Метрика