Загрузка страницы

Նիւթ Կեղծ հաւատացեալը ԳՈՐՑՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 5:1-18 եւ 8:12-24 (06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022)

Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց, անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։ Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։ Ու երիտասարդները ելան ու պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։ Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, այնչափ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն»։ Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։ Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին։
Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ եւ ամէնքը միաբանութեամբ Սողոմոնին Սրահին մէջ էին։ 13Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր անոնց յարիլ, թէեւ ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք։ Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ, այնպէս որ հիւանդները հրապարակները կը հանէին եւ պատգարակներով ու մահիճներով կը դնէին, որպէս զի Պետրոսին անցնելու ատենը՝ գոնէ անոր շուքը անոնց մէկուն վրայ իյնայ։ Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը ժողվուէր, հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ նեղութիւն կրողներ բերելով, որոնք ամէնքն ալ կը բժշկուէին։
Ոտքի ելաւ քահանայապետը եւ բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, նախանձով լեցուած, ու առաքեալները ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դրին զանոնք։
ԳՈՐՑՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 5:1-18
Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։ Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին. որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։ (Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին)։ Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։ Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ. «Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։ Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։ Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։ Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։ Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չի գայ»
ԳՈՐՑՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 8:12-24

Видео Նիւթ Կեղծ հաւատացեալը ԳՈՐՑՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 5:1-18 եւ 8:12-24 (06 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2022) канала Armenian Brotherhood Bible Church
Показать
Комментарии отсутствуют
Введите заголовок:

Введите адрес ссылки:

Введите адрес видео с YouTube:

Зарегистрируйтесь или войдите с
Информация о видео
7 февраля 2022 г. 2:56:13
00:47:12
Другие видео канала
Pastor. Ara Balekjian 10/May/20  Նիւթ.«Առաքինի Մայրը» Ծննդ. 18:9-15Pastor. Ara Balekjian 10/May/20 Նիւթ.«Առաքինի Մայրը» Ծննդ. 18:9-15Նիւթ, (Սուրբ Հոգիին բերած Օրհնութիւնները)։ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1:13-14 (19-ՄԱՅԻՍ-2024)Նիւթ, (Սուրբ Հոգիին բերած Օրհնութիւնները)։ ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1:13-14 (19-ՄԱՅԻՍ-2024)Յարուցեալ Քրիստոսի Յայտնութիւնները ՂՈՒԿԱՍ 24:44-49Յարուցեալ Քրիստոսի Յայտնութիւնները ՂՈՒԿԱՍ 24:44-49Նիւթ, (Օրհնութիւններ, Յիսուս Քրիստոսի Ձեռքով) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:1 (25-ՕԳՈՍՏՈՍ-2024)Նիւթ, (Օրհնութիւններ, Յիսուս Քրիստոսի Ձեռքով) ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8:1 (25-ՕԳՈՍՏՈՍ-2024)Նիւթ Սուրբ  Հոգին  (Պտուղը) Թիւ 3  ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ  5:13-23  (26 ՅՈՒՆԻՍ 2022)Նիւթ Սուրբ Հոգին (Պտուղը) Թիւ 3 ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 5:13-23 (26 ՅՈՒՆԻՍ 2022)ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ  Ա   ԵՒ  Բ   ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ Ա ԵՒ Բ ԹՈՒՂԹՔ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍPastor. Ara Balekjian 21/Jun/20  Նիւթ. «Քրիստոնեայ օրինակելի հայրը» ԱՌԱԿԱՑ 4:1-11Pastor. Ara Balekjian 21/Jun/20 Նիւթ. «Քրիստոնեայ օրինակելի հայրը» ԱՌԱԿԱՑ 4:1-11Նիւթ, (Նեղութեան օրուան խոստում) ՍԱՂՄՈՍ 34։19 , 50։15 (21-ԱՊՐԻԼ-2024)Նիւթ, (Նեղութեան օրուան խոստում) ՍԱՂՄՈՍ 34։19 , 50։15 (21-ԱՊՐԻԼ-2024)28/June/2020 Նիւթ.«Անհասկնալի Լեզուներու Ծագումը» Ա.կոր. 14:6-928/June/2020 Նիւթ.«Անհասկնալի Լեզուներու Ծագումը» Ա.կոր. 14:6-9Նիւթ Հօրը վերադարձող տղան ՂՈՒԿԱՍ 15:11-32 (06 ՄԱՐՏ 2022)Նիւթ Հօրը վերադարձող տղան ՂՈՒԿԱՍ 15:11-32 (06 ՄԱՐՏ 2022)Սամուէլ  Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆՍամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆՇնորհաց Աստուածը և մեր պատասխանատւութիւնը Ա.ՊԵՏՐՈՍ  5։8-11Շնորհաց Աստուածը և մեր պատասխանատւութիւնը Ա.ՊԵՏՐՈՍ 5։8-11Նիւթ Յիսուսի նայինք յաղթելու համար  ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:1-4 (24 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Յիսուսի նայինք յաղթելու համար ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12:1-4 (24 ԱՊՐԻԼ 2022)Նիւթ Ինչ՞ Ըսել Է Պիտի Փոխուինք Թիւ 3Նիւթ Ինչ՞ Ըսել Է Պիտի Փոխուինք Թիւ 3Սամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Մարքարէութեանց Նպատակը Թիւ 1Սամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ Մարքարէութեանց Նպատակը Թիւ 1Pastor Ara Balekjian 9/Feb/2020 Նիւթ.«Քրիստոս մեր ապաստանարանը»Եբր.6:18-20 եւ Սաղ.32:7Pastor Ara Balekjian 9/Feb/2020 Նիւթ.«Քրիստոս մեր ապաստանարանը»Եբր.6:18-20 եւ Սաղ.32:7Նիւթ, (Յիսուս ոչ միայն փրկիչ, այլ Տէր է)։ ՂՈՒԿԱՍ 9:23-26  (10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023)Նիւթ, (Յիսուս ոչ միայն փրկիչ, այլ Տէր է)։ ՂՈՒԿԱՍ 9:23-26 (10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023)Խօսքը կատարողներ եղէք  ՅԱԿՈԲՈՒ 1:22-25Խօսքը կատարողներ եղէք ՅԱԿՈԲՈՒ 1:22-25Նիւթ, (Ամէն բան կատարուեցաւ)։  ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 19:28-30 (27-ՄԱՐՏ-2024)Նիւթ, (Ամէն բան կատարուեցաւ)։ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 19:28-30 (27-ՄԱՐՏ-2024)Սամուէլ  Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԵՐԵՒԵԼԻՆԵՐԸ  ԴԱՆԻԷԼՍամուէլ Եղբ. Բամպակեան Նիւթ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԵՐԵՒԵԼԻՆԵՐԸ ԴԱՆԻԷԼՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ  ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՓԵՍԱՑԻՍՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵՓԵՍԱՑԻՍ
Яндекс.Метрика